2014-02-26 11:32:26

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կոչը Վենեզուելլայի ժողովուրդին` ի տես երկրի տագնապալից վիճակին։


Չորեքշաբթի, 26 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի օրուայ աւանդական ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, յատուկ կոչ մը ուղղեց ի տես Վենեզուելլայի մէջ տիրող տագնապալից իրավիճակին։
Իր կոչին մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց որ. ''մօտէն կը հետեւի Վենեզուելլայի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն։ Ու սրտանց կը մաղթէ, որ օր մը առաջ, վերջ գտնեն բռնութիւները, խնդրելով Վենեզուելլայի բոլոր ժողովուրդէն, սկսեալ
կառավարական պատասխանատուներէն, որ աշխատին ազգային համերաշխութեան ի նպաստ՝ փոխադարձ ներումով եւ անկեղծ երկխօսութեան ճանապարհով։
Ֆրանչիկոս Պապը իր պատգամը եզրափակեց Վենեզուելլաի ժողովուրդին ապահովելով իր աղօթքը՝ յատուկօրէն անոնց որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն։Քահանայապետը հրաւիրեց բոլոր հաւատացեալները, իրենց աղօթքը բարձրացնելու առ Աստուած , հայցելով Քորոմոթոյի Տիրամօր բարեխօսութիւնը ՝ որպէսզի երկիրը վերագտնէ խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.